2014-04-07 13:42:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթն ու քարոզը` ''Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման է''


''Որքա՜ն հանգստացուցիչ է թոյլ տալ որ Տէրը մեր գաղջ ու մակերեսային կեանքը ցնցէ''` գրեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր 7 ապրիլին հրատարակած թուիթին մէջ։
Իսկ առաւօտեան պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր կը պատմուի`'շնութեան մէջ բռնուած կինի մը մասին որ Մովսէսի օրէնքին համաձայն պէտք էր քարկոծումի ենթարկուիլ, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր մեղքերու պատճառած վէրքերուն շոյանք մըն է''։ Յիսուս այս տեսնելով փարիսեցիներուն կ՛ըսէ ''ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ''։ Աւետարանը կը պատմէ թէ այդ կինը ամբաստանողները մէկիկ մէկիկ հեռացան։ Յիսուս` կնոջ նայելով ըսաւ. ''Ո՞ւր են անոնք. Ոչ ոք քեզ դատապարտեց։ ''Ոչ ոք, Տէր'', պատասխանց կինը։ ''Ոչ ալ ես'', պատասխանեց Յիսուս։ ''Գնա՛, բայց այսուհետեւ մի մեղանչեր''։ Յիսուս` օրէնքէն անդին կ՛երթայ, հաստատեց Սրբազան Հայրը, ահա այս է Աստուծոյ ողորմութեան խորհուդը։ Մենք կը նայինք երկինք ու կը տեսնենք լուսինն ու աստղերը սակայն երբ Արեւը ծագի, անոնք կ՛անհետանան։ Աստուծոյ ողորմութիւնն ալ ասոր կը նմանի ''Սիրոյ անսահման լոյս մը։ Տէրը չի ներեր հրամանագիրով մը, այլ սիրով` մեր մեղքերը շոյելով։Յիսուս խոստովանահայր մըն է ''չ՛ըսեր ի՞նչ ըրիր, ե՞րբ եւ ի՞նչպէս, այլ կ՛ըսէ ''գնա եւ այսուհետեւ մի մեղանչեր''։ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման է''` ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.